Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Միջեկեղեցական Կարեւոր Ժողով` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ
Երեքշաբթի, 21 օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի վանքին մէջ
տեղի ունեցաւ, աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ՝ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը:
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսեֆ
Եունան, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս` Մունիպ Եունան, առաջինը իբրեւ նախագահ
Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին
մէջ, իսկ երկրորդը` Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներուն կողմէ նախագահ` դարձեալ
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի
եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռուհանա եպիսկոպոս, քարտուղարի օգնական
դոկտ. Էլիաս Հալապի եւ տոքթ. Հապիպ Պատր` իբրեւ խորհուրդի Յատուկ հարցերու յանձնախումբի
ատենապետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կարեւոր երկու հարցեր. ա) Սուրիոյ
գաղթականներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան հարցը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը Դամասկոսի մէջ հաստատած իր կեդրոնատեղիին ճամբով
սկսած էր մարդասիրական եւ ընկերային օգնութեան աշխատանքին: Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ
հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը,
որոշուեցաւ Դամասկոսի, Հոմսի, Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Գամիշլիի մէջ օգնութեան առանձին կեդրոններ
հաստատել` շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ժողովուրդին անմիջական
օգնութիւն հասցնելու մտահոգութենէն մղուած նաեւ որոշուեցաւ, որ Սուրիոյ մարդասիրական
օգնութիւն կատարող միջեկեղեցական միջազգային մարմինները իրենց օգնութիւնը կատարեն ուղղակիօրէն`
միշտ իրենց աշխատանքը համադրելով տեղական եկեղեցիներուն հետ: Վերաշեշտուեցաւ խորհուրդին
այն սկզբունքային որոշումը, որ բոլոր տեսակի մարդասիրական ծառայութիւնները պէտք է կատարուին
առանց խտրութեան քրիստոնեայի ու իսլամի միջեւ: Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին մարդասիրական
օգնութիւնը կը մնայ խորհուրդի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: բ) Նոր ընդհանուր
քարտուղարի ընտրութեան հարց: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը`
Փոլ Ռուհանան, շուրջ մէկ ամիս առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ` դառնալով թեմակալ առաջնորդ:
Նկատի ունենալով այս պարագան, ինչպէս նաեւ իր հրաժարականը, որոշուեցաւ խորհուրդի կանոնագրութեան
համաձայն յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակում կատարել: Վերջապէս,
նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, ներկաները շեշտեցին եկեղեցիներու
պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` մօտէն տեղեակ դառնալու
համար անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջական ու ճիշդ կերպով ներկայացնելու
Արեւմուտքի կրօնական շրջանակներուն շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, եւ յատկապէս եկեղեցիներու
տեսակէտն ու մտահոգութիւնը: